24/10/2024
23 Հոկտեմբերին, Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի մէջ հիւրընկելեցինք Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի Նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Զուիցերիայէն քաղաքս ժամանած Կոմիտաս վարդապետի ազգական եւ երաժշտուհի Թամար Էսքէնեանը եւ Պէսսէ Քապաքը։
Այս շաբաթավերջին հիւր երաժտուհին, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ համերգ պիտի ունենայ ձօնուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155 ամեակին։ Հանդիսութիւնը առիթ պիտի ըլլայ, որ նշուի նաեւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի 95 ամեակը։
Հանդիսութեան սեմին, յարգելի հիւրը եկած էր Կեդրոնական Ազգային Վարժարան, հիւրընկալութեամբ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի եւ Խնամակալութեան Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի։ Յարգելի հիւրը հանդիպման ընթացքին երաժշտութեան եւ յատկապէս Հայկական աւանդական նուագներու եւ ձայնագրութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան նաեւ շուիով նուագեց հայկական ժողովրդական երգերէ օրինակներ։ Այցելութեան ամենէն ոգեւորիչ պահը եղաւ, երբ աւանդաբար Կոմիտաս Վարդապետէ հասած դաշնակը նուագեց երաժշտութեան դասատու եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեան, երաժշտութեան խումբի մասնակից աշակերտներ երգեցին Հայերէնով ու Թամար Էսքէնեան իր նուագով միացաւ երգեցողութեան։
Այս հանդիպումը յատուկ կարեւորութիւն ունի եւ յիշարժան է, քանի անցեալին Կոմիտաս Վարդապետ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանէ ներս ունեցած է երաժշտական լուրջ գործունէութիւն մը եւ եւս առաւել վարժարանի աշակերտները առաջնորդած է բազմաձայն երգչախումբի աշխատութեանց։